Աբրահամ Գասպարյանը ուղիղ եթերի ժամանակ թուրքին «խենթացեց» . ՏԵՍԱՆՅՈՒԹ
Քիչ առաջ միլիոնաւոր լսարան ունեցող Al Arabiya հեռուստակայանը առցանց հիւրընկալեց @Abraham Gasparyan-ին եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր, Էրտողանի շուներէն մէկուն: Բանավեճի նիւթի բնականաբար Հայոց Ցեղասպանութիւնն էր: Հաղորդավարուհին կարգով հարցումներ ուղղեց երկու հիւրերուն, թուրքը ինչպէս սպասուած էր սկսաւ ստելու եւ հեքիաթներ պատմելու, իսկ Աբրահամը հաւասարակշռուած եւ փաստերով հակադարձեց իրեն:
Թուրքը չի կարողանալով Աբրահամի ըսածներուն տակէն ելլել, ջղայնացաւ եւ հաւասարակշռութիւնը կորսնցնելու աւելորդ-պակաս բաներ խօսելու սկսաւ, այդ պատճառով ալ հաղորդավարուհին ստիպուած եղաւ զինքը լռեցնել: Թուրքը զայրացած սկսաւ անձնական վիրաւորանքներ հնչեցնել Աբրահամի հասցէին, ըսելով թէ Աբրահամը կարգը կը խախտէ եւ առիթ չի տար իրեն հանգիստ խօսելու, թէ Աբրահամը «պարոն» կոչուելու արժանի չէ, թէ Աբրահամը իր նախահայրերուն պէս «ընելիքը ըրաւ հիմա ալ տուժածի դերը կը խաղայ», թէ Աբրահամը «իսկապէս որ հայ է եղեր»...
Հաղորդաւարուհին շատ կոշտ պատասխանելով թուրքին ըսաւ որ իր ոճն ու խօսակցութեան ձեւը անընդունելի է, որմէ ետք խօսքը փոխանցեց Աբրահամին: Աբրահամն ալ իր կարգին թուրքին ըսաւ որ պէտք է իր չափն ու սահմանը գիտնայ, մէկ խօսքով իրեն ըսել ուզեց որ «մարդ ըլլայ»: Աբրահամը նաեւ ըսաւ որ այս մարդը կը պատկերացնէ նոյն բարբարոս թուրքը որ 106 տարիներ առաջ ծրագրեց, կազմակերպեց եւ գործադրեց հայոց ցեղասպանութիւնը:
Հաղորդաւարուհին տեսնելով որ հիւրերուն միջեւ բանաւեճը շարունակելը անհնար է, ստիպուած եղաւ շնորհակալութիւն յայտնել իրենց եւ փակել հայտագիրը:
Ավելին՝ այստեղ